Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ բաւական իւրայատուկ իրադարձութիւն մը:
Դահուկարշաւէն բացի, տեղի ունեցաւ նաեւ «ձիւնէ-կօշիկ»-ի («Սնօ-ռէյս») միջազգային մրցում մը:
Անիկա սկիզբ առաւ Ֆարայայէն եւ աւարտեցաւ Զաարուրի մէջ: Անոր մասնակցողները ունեցան ամոռանալի եւ յիշատակելի օր մը:
«Փաթրուիլ Տէ Սետր»-ի հետ գործակցաբար, այս մրցումին կազմակերպման մէջ իրենց օժանդակութիւնը բերին նաեւ լիբանանեան բանակը եւ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը:
Յիշատակելի եղաւ նաեւ այն, որ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտ Նարեկ Փանոսեան ոչ միայն անոր մասնակցած միակ լիբանանահայը եղաւ, այլ նաեւ ան իր տարիքի դասաւորման մէջ կրտսերներու մրցաշարքին հանդիսացաւ երրորդ եւ տիրացաւ յատուկ յուշանուէրի մը` բարձր պահելով լիբանանահայութեան անունը տեղական թէ միջազգային առումով:
Կը շնորհաւորենք Նարեկ Փանոսեանը իր կատարած այս կարեւոր իրագործումին համար:




