Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սլաւիկ Գալստեան թէեւ 63 քկ դասակարգին մէջ հասաւ աւարտականին, բայց պարտութիւն մը կրելով վրացի իր մրցակից Լեւանի Քավիարացէէն (10-8), տիրացաւ արծաթ մետալին:
Ան կիսաւարտականին յաղթած էր ուքրանացի Ալեքսանտր Հրուշինի (13-4):



