«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Պարտուեցաւ. Ըրվինկ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրեց այլ պարտութիւն մը (տարեշրջանի 37-րդը) Թորոնթօ Ռեփթըրզի դաշտին վրայ` 111-98 արդիւնքով: Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 29 կէտ: Պոսթըն Սելթիքս 126-120 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քիրի Ըրվինկ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (31 կէտ, 10 ռիպաունտ, 12 էսիսթ): Թէեւ Փոլ Ճորճ նշանակեց 36...



