Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ ԱԼՖԱ ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին Քֆարզըպիանի մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի դահուկարշաւի ախոյեանութեան տղոց, աղջկանց եւ կրտսերներու 2-րդ հանգրուանի մրցումները:
Այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 55 երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ակումբներ եւ միութիւններ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէի եւ այլ անդամներու:



