Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) իր աւարտին մօտեցող ճատրակի աղջկանց աշխարհի խմբային ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, շարունակելով իր ձախող ելոյթներու շարքը, այս անգամ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հունգարիոյ հետ:
Էլինա Դանիէլեան եւ Աննա Սարգսեան յաղթանակներ արձանագրեցին, իսկ Մարիա Գէորգեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան պարտուեցան:
Չինաստան, որ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Եգիպտոսին եւ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 14 կէտ, աւարտէն 2 հանգրուան առաջ գրեթէ ապահովեց տիտղոսը` 3 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Ռուսիոյ վրայ:
Վրաստան եւ Ուքրանիա ունին 10-ական կէտ, Հնդկաստան` 8, Ղազախստան` 6, Միացեալ Նահանգներ` 5, իսկ Հայաստան եւ Հունգարիա` 3-ական:
Նախավերջին հանգրուանին Հայաստանի մրցակիցն է Վրաստան:
 
			


