Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Ժամհուր վարժարանին կազմակերպած ֆութպոլի դպրոցական մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան տասը վարժարաններ:
Մրցաշարքը աւարտեցաւ կազմակերպիչ վարժարանին յաղթանակով. անիկա աւարտականին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անթունիէն (Պաապտա):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչ վարժարանին եւ այլ վարժարաններու պատասխանատուներուն ձեռամբ:



