Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն) տեղի ունեցաւ Սփիտ-թեսթի առաջին հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 69 ինքնաշարժներու (մրցանիշ մը), ներկայութեամբ մեծ թիւով հանդիսատեսներու:
Նշենք, որ Սփիտ-թեսթը կը հանդիսանայ Լիբանանի արագութեան ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումը:
Արհեստավարժ վարորդներու մրցումին առաջին հանդիսացաւ Ռոժէ Ֆըղալի, որ արձանագրեց 1′ 50″ 88 արդիւնք մը (Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-6):
Աղջկանց ոչ արհեստավարժ մրցումին առաջին հանդիսացաւ Ռիթա Խուրի («Ռընօ Քլիօ-3 Ար.-Էս.»), որ արձանագրեց 2′ 27″ 32 արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ: