Մանչեսթըր Սիթիի Ջախջախիչ Յաղթանակը Շալքէի Դէմ (7-0)
Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Իտալիոյ գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, որ երթին Սպանիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով պարտուած էր Աթլեթիքօ Մատրիտէն, պէտք ունէր նուազագոյնը 3-0 արդիւնքով յաղթանակի մը: Այսպէս ալ պատահեցաւ, եւ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի գլխաւորած խումբը ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` երեք անպատասխան կոլ նշանակելով (3-0):
Եուվէի այս յաղթանակը կերտեց Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ հեթրիք մը իրագործեց (27-րդ, 48-րդ եւ 86-րդ` փենալթիով):
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, Մանչեսթըր Սիթի 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Շալքէի դէմ: Երթին, մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմը Գերմանիոյ մէջ արձանագրած էր 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ, տուպլէ մը իրագործեց (35-րդ` փենալթիով եւ 38-րդ):
Այսօր` չորեքշաբթի, 15 մարտին, կը յստականան քառորդ աւարտականին հասնող վերջին երկու խումբերը:
Պարսելոնա կը հիւրընկալէ Լիոնը, իսկ Պայէրն Միւնիխ` Լիվըրփուլը:
Երթի մրցումները աւարտած են 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:



