
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, թէեւ Քեմպա Ուոքըր նշանակեց 40 կէտ, սակայն անոր կազմը` Շարլոթ Հոռնեթց, 118-106 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Հիուսթըն Ռոքեթցի դաշտէն: Ճէյմս Հարտեն ի նպաստ յաղթական կազմին նշանակեց 28 կէտ:
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 25 կէտի տարբերութեամբ (140-115) պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պոսթըն Սելթիքսը: Լու Ուիլիամս (Քլիփըրզ) նշանակեց 34 կէտ:
Թէեւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ 126-101 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Թորոնթօ Ռեփթըրզին, սակայն անիկա Նիւ Եորք Նիքսէն ետք երկրորդ խումբն է, որ դուրս մնացած է փլէյ-օֆի մրցումներէն:
Անոնց շրջանէն (արեւելեան գօտի) Միլուոքի Պաքս եւ Թորոնթօ Ռեփթըրզ ցարդ ապահոված են փլէյ-օֆի իրենց տոմսերը: Իսկ արեւմտեան շրջանէն դուրս մնացած է Ֆէոնիքս Սանզ:


