Երէկ` չորեքշաբթի, 10 ապրիլին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումները:
Առաջին մրցումին, Ռիատի բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Աթլասի դէմ` 125-54 արդիւնքով (35-10, 30-13, 30-15 եւ 30-16):
Իսմայիլ Ահմետ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (12 կէտ, 12 ռիպաունտ, 11 էսիսթ), մինչ անոր խմբակիցներ, Պասել Պաուժի եւ Ռենտոլֆ Մորիս տապըլ-տապըլ իրագործեցին:
Այս մրցումին յաջորդեց ՀՄԸՄ – Մութթահետ մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 114-70 արդիւնքով (26-16, 28-20, 27-13, 33-21):
Իրականութեան մէջ, բաւական դժուար էր Մութթահետի համար յաջորդաբար երրորդ օրն ըլլալով կատարել իր երրորդ մրցումը:
Սակայն հակառակ ատոր հիւսիսային Լիբանանի կազմը փորձեց իր ամէն կարելին ընել` յաղթանակ մը արձանագրելու համար, բայց ՀՄԸՄ ինքզինք պարտադրելով յաղթեց իր մրցակիցին` ապահովելով աւարտականին իր տոմսը, ուր վաղը` ուրբաթ, 12 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, նոյն վայրին մէջ կը մրցի Ռիատիի դէմ:
Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահեզ պահը յարմար նկատելով դաշտ ներկայացուց իր բոլոր մարզիկներն ալ անխտիր, որոնք ունեցան բացառիկ խաղարկութիւն:
Փաուլօ Պետիկեան նշանակեց չորս թրի-փոյնթ (12 կէտ), Վարանդ Գըլընճեան` երեք թրի փոյնթ (9 կէտ), Քարիմ Զէյնուն` չորս թրի փոյնթ (14 կէտ): Իսկ մնացեալ հիմնական մարզիկները դաշտ ներկայացան 15-էն 25 վայրկեան: