Դպրոցականներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական ճակատումին, Սաժես Այն Սաատէի տղոց խումբը տիտղոսը պահեց իր մօտ, երբ 73-47 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին: Սաժես երրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանար այս տիտղոսին:
Աւարտական այս մրցումը տեղի ունեցաւ Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլի:
Յաղթական կազմին եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էլիաս Սաատ (22), մինչ անոր խմբակիցներ Մարք Խուէյրի եւ Ժըպրայել Սմահա` յաջորդաբար 19 եւ 18 կէտ:



