Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան նահանգներու մրցումները:
Հարաւային Լիբանանի նահանգին մէջ տիտղոսակիր դարձաւ Շապապ Հարեթ Սայտա: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Սարաֆանտ, երրորդ հանդիսացաւ Մաանի Սայտա, իսկ չորրորդ` Ապրա:
Նապաթիէ նահանգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Շապապ Հապպուշ, մինչ անոր ետին երկրորդէն չորրորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Հուտա Արապսալիմ, Հուսամ Քֆար Սէյր եւ Ռիսալա Քֆար Ռըմման:
Պեքաայի մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Հաուշ Ումարա Զահլէ, ապա յաջորդաբար` Ժաուատ Ալի Նահրի (2-րդ), Քամետ Լոզ (3-րդ) եւ Ախաա Լալա (4-րդ):
Հիւսիսային Լիբանանի մէջ առաջին հանդիսացաւ Ռիատա Ուալ Ատապ – Թրիփոլի, երկրորդ` Քալամուն, երրորդ` Ռաս Մասքա, իսկ չորրորդ` Մաութըն Քլապ-Տըննիէ:
Վերջապէս, Պէյրութի նահանգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց 1875 (Սեն Ժոզեֆ), ապա յաջորդաբար` Ներքին ապահովութեան ուժերը, Շապապ Պէյրութ եւ Պէյրութի Փաստաբաններու սենտիքան: