Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ ամրան ընթացքին պատրաստ է ծախելու կալեսցի իր յառաջապահը` Կերըթ Պէյլը, այն պայմանով սակայն, որ անոր ստորագրութեան փոխարէն ստանայ 130 միլիոն եւրօ:
Պէյլով հետաքրքրուած են շարք մը ակումբներ, որոնց կարգին` Մանչեսթըր Եունայթըտ, Պայէրն Միւնիխ եւ ուրիշներ:
Զինետին Զիտան Լա լիկա-ի 2019-2020 տարեշրջանին գծով իր ծրագիրներուն մէջ չէ ընդգրկած 29 տարեկան կալեսցին:
Պէյլ 2013-ին Թոթենհամէն միացաւ արքայական ակումբին` փոխան 101 միլիոն եւրոյի: