Արարատ Երեւան եւ գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը կատարող Աբրահամ Խաշմանեան երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իրենց պայմանագրութիւնը խզեցին, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Արարատ 23-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ցարդ ապահոված է 15 կէտ եւ միայն երկու կէտով կը գերազանցէ նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Արցախը:



