Շաբաթ, 13 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ վերոնշեալ համալսարանին կողմէ կազմակերպուած դպրոցական 2-րդ խաղերուն մրցանակաբաշխութիւնը:
Այս խաղերուն վերջին մրցումները եղան պետմինթընի հանդիպումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան տասը վարժարաններէ 94 երկսեռ մարզիկներ:
Վաղը` շաբաթ, տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի, ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ պետմինթընի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ համալսարանի մարզական բաժինի պատասխանատուներուն:
Այս խաղերը տեղի ունեցան կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան: