Բռնցքամարտ. Հայաստանի Փայլուն Տարին
2025-ին հայկական բռնցքամարտը աննախադէպ յաջողութիւններ ունեցաւ` պատմութեան ընթացքին այս մարզաձեւի զարգացման լաւագոյն արդիւնքները արձանագրելով: Ասիկա նշուած է Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի կայքին վրայ, մանաւանդ «Այ. Պի. Էյ.»-ի աշխարհի ախոյեանութեան պատմական ձեռքբերումներէն ետք, ուր հայաստանցի բռնցքամարտիկներ 5 մետալ նուաճեցին: Այս մէկը պատմական իրագործում էր եւ Հայաստանի հաւաքականի ամէնէն բարձր արդիւնքն էր աշխարհի ախոյեանութիւններու մասնակցութեան ամբողջ ընթացքին մէջ: Ընդհանուր առմամբ 2025-ին Եւրոպայի եւ...




















