Իսրայէլի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, Պնէյ Սահնին 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աշտոտը: Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Արթուր Միրանեան մեծ դեր ունեցաւ այս յաղթանակին մէջ:
Միրանեան կոլ մը նշանակեց եւ կատարեց առաջին կոլին փոխանցումը (էսիսթ)` մասնակցելով մրցումի ամբողջ 90 վայրկեաններուն:
Միրանեանի այս կոլը տարեշրջանի իր 4-րդ կոլն էր (13 մրցումներու ընթացքին), եւ ան մէկ կոլ աւելի կրցած է նշանակել, քան իր նախկին ռումանական ակումբին հետ (Քլիւժ): Ան անցեալ տարի 21 մրցումներու ընթացքին 3 կոլ կրցած էր նշանակել:
29 տարեկան Միրանեան եղած է Շախթիոր Տոնեցքի սան եւ Հայաստանի ազգային խումբին հետ կատարած է 18 մրցում` 2019-էն ի վեր:


