2025-ին հայկական բռնցքամարտը աննախադէպ յաջողութիւններ ունեցաւ` պատմութեան ընթացքին այս մարզաձեւի զարգացման լաւագոյն արդիւնքները արձանագրելով:
Ասիկա նշուած է Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի կայքին վրայ, մանաւանդ «Այ. Պի. Էյ.»-ի աշխարհի ախոյեանութեան պատմական ձեռքբերումներէն ետք, ուր հայաստանցի բռնցքամարտիկներ 5 մետալ նուաճեցին: Այս մէկը պատմական իրագործում էր եւ Հայաստանի հաւաքականի ամէնէն բարձր արդիւնքն էր աշխարհի ախոյեանութիւններու մասնակցութեան ամբողջ ընթացքին մէջ:
Ընդհանուր առմամբ 2025-ին Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն հայ մարզիկները նուաճեցին 78` մետալ` 11 ոսկի, 34 արծաթ եւ 33 պրոնզէ: Ֆետերասիոնը կը նշէ, որ նախապէս Ողիմպիական որեւէ մարզաձեւի մէջ չեն արձանագրուած նման արդիւնքներ, երբ մէկ տարուան ընթացքին հայաստանցի 78 տարբեր մարզիկներ բարձրանային աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պատուոյ հարթակ:
Ֆետերասիոնը ընդգծեց նաեւ միջազգային մրցումներու կազմակերպման բարձր մակարդակը: Այս տարի Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնը անգամ մը եւս բարձր մակարդակով մասնակցեցաւ Եւրոպայի երիտասարդներու եւ մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութիւններուն:
Յատկապէս յաջող ելոյթներ ունեցան երիտասարդ բռնցքամարտիկները: Երեւանի մէջ տեղի ունեցած պատանիներու ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց 4 ոսկի, 5 արծաթ եւ 4 պրոնզէ մետալ: 3 ախոյեանի տիտղոս նուաճեցին մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութեան հայաստանցի մարզիկները:
2025-ի այս յաջողութենէն ետք, ֆետերասիոնը յայտնեց, որ տպաւորիչ արդիւնքներու շարքը այսքանով պիտի չսահմանափակուի, եւ 2026-ին պիտի փորձէ յաւելեալ տիտղոսներ նուաճել` շարունակելով քրտնաջան աշխատանքը` միջազգային ասպարէզին մէջ մեծ յաղթանակներ ապահովելու նպատակով:
Բայց ֆետերասիոնը պէտք է միանայ «Ուորլտ Պոքսինկ» կազմակերպութեան, որպէսզի հայ բռնցքամարտիկները կարելիութիւն ունենան 2028-ի Ողիմպիական խաղերու զտումի մրցումներուն մասնակցելու:


