Շաբաթավերջին տեղի ունեցան «Էմ. Էլ. Էս.»-ի (Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութիւն) «Տրաֆթ»-ի ընտրութիւնները, որոնք «Էն. Պի. Էյ.»-ի նման համալսարանական ֆութպոլի մէջ հանդէս եկող երիտասարդ ֆութպոլիստներուն համար տարուան ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն է:
Յարձակող միջնապահ Հարվի Սարաճեան, որ ծնած է Միացեալ Նահանգներ, ընտրուեցաւ «Տրաֆթ»-ի թիւ 5 մարզիկը եւ միացաւ Օրլանտօ Սիթիին:
«Էն. Սի. Էյ. Էյ.»-ի (Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու ախոյեանութիւն) մրցումներուն բարձր մակարդակով ելոյթներ ունեցող Սարաճեան, որ հայկական ֆութպոլի հանրութեան համար նոր անուն մըն է, վերջին երկու տարիներուն շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենար, բան մը, որ իրեն ընձեռեց մտնելու լաւագոյն մարզիկներու ցանկին մէջ:
Հարվի Սարաճեան 26 յունուար 2005-ին ծնած է Նէյփըրզի մէջ (Ֆլորիտա) եւ ֆիզիքական բարձր տուեալներ ունի 1,88 մեթր հասակով, զինք դասելով շատ դժուար մրցակից` բոլոր պաշտպաններուն մէջ:
Ան իր ֆիզիքական ուժով, արագութեամբ եւ թեքնիք հմտութեամբ յարձակողական մարզիկի համար բաւական հազուադէպ կարողութիւններու տէր ֆութպոլիստի վերածուած է:
Նկատի ունենալով, որ ան դպրոցական օրերուն ամերիկեան ֆութպոլի եւ աթլեթի մարզիկ ալ էր, ան օգտուած է մարմնով պայքարելու իր կարողութենէն:
Ան թիւ 10 դիրքին վրայ կը խաղայ իբրեւ յարձակող միջնապահ եւ փլէյ մէյքըր, բայց կրնայ խաղալ նոյնիսկ ծայրի յառաջապահ դիրքերու վրայ: Ան իր վերջին տարեշրջանին 23 կոլ նշանակած է եւ կատարած 13 էսիսթ` ընտրուելով նահանգի տարուան լաւագոյն խաղցող, ինչպէս նաեւ հարաւարեւմտեան Ֆլորիտայի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսը ստացած:
Սարաճեանի 5-րդ դիրքի վրայ ընտրուիլը չափազանց լուրջ իրադարձութիւն է: Նկատի ունենալով նախորդ տարուան 5-րդ դիրքը գրաւող Ռիտ Ռոպերթսը` ան 14 ելոյթ ունեցած է «Էմ. Էլ. Էս.»-ի մէջ, բան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ կարելիութիւններ կրնան ունենալ բարձր դիրքերով ընտրուած ֆութպոլիստները:
Նշենք, որ Եուրա Մովսիսեան 2006-ին, «Էմ. Էլ. Էս.»-ի «Տրաֆթ»-ի 4-րդ դիրքով ընտրուած էր Քանսաս Սիթիի ակումբին կողմէ` ապագային դառնալով «Էմ. Էլ. Էս.»-ի պատմութեան ամէնէն նշանաւոր հայ ֆութպոլիստներէն մէկը:


