Մարզական

Լեւոն Արոնեան Անակնկալ Պարտութիւն  Կրեց 12 Տարեկան Մրցակիցէն

Լեւոն Արոնեան Անակնկալ Պարտութիւն Կրեց 12 Տարեկան Մրցակիցէն

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող կայծակնային ճատրակի («Պլից չես») աշխարհի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին, հայ մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան անակնկալ պարտութիւն կրեց 12 տարեկան Ֆաուսթինօ Օրոյէն: ՖԻՏԷ-ի դասաւորման 20-րդ դիրքը գրաւող Արոնեան անակնկալի եկաւ արժանթինցի պատանի վարպետին յաղթանակէն: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանի տղոց խումբը կը ներկայացնեն 8 ներկայացուցիչներ, իսկ աղջկանց խումբը կը մասնակցի 4 ներկայացուցիչներով:

«Էն. Պի. Էյ.»  Նիքոլա Եոքիչ Վիրաւորուեցաւ Եւ Տենվըր  Պարտուեցաւ Մայեմիէն (123-147)

«Էն. Պի. Էյ.» Նիքոլա Եոքիչ Վիրաւորուեցաւ Եւ Տենվըր Պարտուեցաւ Մայեմիէն (123-147)

Տենվըր Նակեթց եւ Մայեմի Հիթ 63 կէտի վրայ հաւասար էին կիսախաղին, բայց սերպ աստղ Նիքոլա Եոքիչ ծունկը վիրաւորած էր կիսախաղին 3 երկվայրկեան առաջ: Բ. կիսախաղին Մայեմի Հիթ մեծապէս օգտուեցաւ Եոքիչի բացակայութենէն եւ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց: Մինչեւ վիրաւորուիլը Եոքիչ 21 կէտ նշանակած էր` կատարելով 8 էսիսթ: Ճամալ Մարէյ (20 կէտ եւ 11 էսիսթ) առանձին չկրցաւ Նակեթցին օգնել, մինչ Նորմըն Փաուըլ...

Միջազգային Ֆութպոլի Վիճակագրութիւն.  Փարիզ Սեն Ժերմենէն 6 Մարզիկներ Տարուան Լաւագոյն 11-ին Մէջ

Միջազգային Ֆութպոլի Վիճակագրութիւն. Փարիզ Սեն Ժերմենէն 6 Մարզիկներ Տարուան Լաւագոյն 11-ին Մէջ

1984-ին կազմուած միջազգային ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան ֆետերասիոնը վերջին օրերուն ընտրուած էր տարուան լաւագոյն 11 մարզիկները, ինչպէս նաեւ նշած էր, թէ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (40 տարեկան) հասած էր 1300 մրցումներու սահմանը` դառնալով պատմութեան միակ ֆութպոլիստը, որ կը հասնի այդ թիւին, անշուշտ բարձրագոյն դասակարգերու ֆութպոլին մէջ: Ռոնալտօ իր 1300-րդ մրցումը կատարած էր 27 դեկտեմբերին` Ուխտուտ խումբին դէմ: Ան այդ մրցումներուն ընթացքին...

Ճատրակ.  Մակնուս Քարլսեն` Ախոյեան

Ճատրակ. Մակնուս Քարլսեն` Ախոյեան

Նորվեկիացի մեծ վարպետ Քարլսեն շահեցաւ Տոհայի (Քաթար) մէջ տեղի ունեցած արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը: 12 հանգրուաններու արդիւնքով Քարլսեն 10,5 կէտ ձեռք ձգեց եւ գլխաւորեց առաջին դիրքը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ռուս վարպետ Վլատիսլաւ Արտեմեւ (9,5 կէտ)` չնչին առաւելութեամբ հնդիկ Արճուն Էրիկայսիի վրայ, որ գրաւեց 3-րդ դիրքը: 9,5-ական կէտեր ձեռք ձգեցին նաեւ Հանս Նիման եւ Լենիեր Տոմինկես Փերես: Նշենք, որ ասիկա 35...

Արարատ-73-ին Նուիրուած Ժապաւէն

Արարատ-73-ին Նուիրուած Ժապաւէն

29 յունուար 2026-ին պատմական Արարատ-73-ի ֆութպոլի ակումբին նուիրուած մարզական ժապաւէնը` «ոսկի տուպլէ»-ն պիտի սկսի ցուցադրուիլ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ շարժապատկերի սրահներուն մէջ: Շարժապատկերի այս ժապաւէնը կը խոստանայ դառնալ ոչ միայն մարզական տրամա, այլ յարգանքի տուրք մեծ ակումբին եւ այն մարդոց, որոնք իրենց անունը գրեցին հայկական թէ Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի պատմութեան մէջ: «Ոսկի տուպլէ/Արարատ 73» ժապաւէնը նուիրուած է Նիքիթա Փաւլովիչ Սիմոնեանի յիշատակին,...

Թոմաս Ատորեան  Պիտի Մնայ Պանֆիլտի Հետ

Թոմաս Ատորեան Պիտի Մնայ Պանֆիլտի Հետ

24 տարեկան միջնապահ Թոմաս Ատորեան կը մնայ իր արժանթինեան Պանֆիլտ խումբին հետ, մանաւանդ երկարաձգելէ ետք իր պայմանագրութիւնը մինչեւ 2027: 2001-ին ծնած հայ ֆութպոլիստը Պանֆիլտի սան է: Ան մնացած է ակադեմիային 6-րդ դասակարգէն, եւ անցած տարիքային բոլոր կարգերէն: Սան Փետրօ ծնած ֆութպոլիստը 2023-ի մարտին միացաւ հիմնական խումբին, բայց աւելի ուշ աշխատավարձով միացաւ Ուրուկուէյի Ռամպլա Ժունիորզ խումբին` ձեռք ձգելով մարզական լաւ վիճակ...

Մայք Գէորգեանի Յաջող Տարեշրջանը

Մայք Գէորգեանի Յաջող Տարեշրջանը

Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբի (21 տարեկանէն վար) միջնապահ Մայք Գէորգեան Գերմանիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան «Պաւարիա Ռեկիոնալ Լիկա»-ի երթի խորհրդանշական հաւաքականին մաս կազմեց: 20 տարեկան ֆութպոլիստը Ունթերհախինկի հետ շատ յաջող տարեշրջան մը կը բոլորէ: Ան մասնակցած է 18 մրցումներու, միշտ ալ ըլլալով Ունթերհախինկի հիմնական կազմէն. նշանակած է 2 կոլ եւ կատարած 1 էսիսթ: Երթի մրցումներու աւարտին, խումբը կը գրաւէ Բ....

Թենիս.  Աւանէսեան Փոխհատուցում Պէտք Է Վճարէ…

Թենիս. Աւանէսեան Փոխհատուցում Պէտք Է Վճարէ…

Մարզական դատական ազգային կեդրոնը որոշում տուած է հայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեանի գծով, որ 2024-ին սկսած էր հանդէս գալ Հայաստանի դրօշին ներքեւ: Ռուսիոյ թենիսի ֆետերասիոնը ինք էր, որ այս հարցով դատ բացած էր` պահանջելով նիւթական վնասներու փոխհատուցում` անոր մարզական պատրաստութեան պայմանները չկատարելուն համար: Քանի մը ամիս տեւած դատէն ետք, դատական մարմինը հիմնաւոր նկատած է ռուսական կողմի պահանջները: Ըստ ընդունուած որոշումին, Աւանէսեան...

«Կլոպ Սոքըր» Մրցանակներ.  Տուպայի Մէջ Փարիզ Սեն Ժերմեն Մրցանակներ Շահեցաւ

«Կլոպ Սոքըր» Մրցանակներ. Տուպայի Մէջ Փարիզ Սեն Ժերմեն Մրցանակներ Շահեցաւ

Տուպայի մէջ տեղի ունեցաւ «Կլոպ Սոքըր» մրցանակներու երեկոն, որուն ընթացքին ընտրուեցան տարուան լաւագոյնները` ֆութպոլի աշխարհին մէջ: Տարեկան այս մրցանակաբաշխութիւնը ընտրեց լաւագոյն մարզիկ, մարզիչ, յառաջապահ, միջնապահ, երիտասարդ մարզիկ, ազգային խումբ, ակումբ, մարզական տնօրէն, գործակալ եւ լաւագոյն վերադարձ: Լաւագոյն մարզիկի մրցանակ շահեցաւ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ, որուն մրցանակը յանձնեց փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ: «Անսպասելի բան է ստանալ մրցանակ մը մէկ այլ պատմական մարզիկի` Քրիսթիանոյի...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քուայ Լենըրտ 55 Կէտ Նշանակեց

«Էն. Պի. Էյ.» Քուայ Լենըրտ 55 Կէտ Նշանակեց

Լոս Անճելըս Քլիփըրզի աստղերէն Քուայ Լենըրտ իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց` 55 կէտ, եւ Քլիփըրզ 112-99 արդիւնքով յաղթեց Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբին` Տիթրոյիթ Փիսթընզին: Ասիկա այս տարեշրջանի լաւագոյն արդիւնքն էր Քլիփըրզի համար, որ յաջորդական 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց: Ճէյմս Հարտըն 28 կէտ աւելցուց ի նպաստ վեթերան Քլիփըրզի, որ ունի Հարտըն - Պաթում - Պրուք Լոփես եռեակը 36 տարեկանէն վեր, մինչ Լենըրտ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ 120 Կէտ Նշանակեց, Բայց Պարտուեցաւ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 120 Կէտ Նշանակեց, Բայց Պարտուեցաւ

ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը շաբաթ գիշեր ախոյեանութեան գծով իր 10-րդ մրցումը կատարեց եւ Ղազիրի մէջ 131-120 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սաժեսէն: Պարտութիւնը ձեւով մը սպասելի էր` նկատի ունենալով, որ Թայլըր Պէյ վիրաւոր էր եւ կասկածելի էր անոր մասնակցութեան կարելիութիւնը: Անակնկալ էր անոր ներկայութիւնը առաջին մասին, ուր յստակօրէն եւ ոչ միայն կը պայքարէր Սաժեսի դէմ, այլ... նաեւ ցաւի դէմ: Ան հազիւ 6 վայրկեան...

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Կէտեր Կորսնցուց

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Կէտեր Կորսնցուց

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը երէկ Սաֆայի դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ժալիլ Քանայի դէմ մրցումին: Մրցումը աւելի դիւրին պէտք էր ըլլար, բայց ՀՄԸՄ-ի տղաքը ըստ երեւոյթին այս տարեշրջանին իրենք կը դժուարացնեն մրցումը: Վերջին ճշգրիտ փոխանցումը կատարելու կամ զայն օգտագործելու լուրջ հարցեր կան: Կեդրոնի դիրքը շատ լաւ կը գործէ խմբապետ Աւիկի եւ Յակոբ Նաճարեանի հետ, բայց վստահաբար Աւիկի տարիքը...

Հայաստանի Մարզական Կեանք.  Տարուան Լաւագոյնները Ընտրուեցան

Հայաստանի Մարզական Կեանք. Տարուան Լաւագոյնները Ընտրուեցան

Հայաստանի հանրապետութեան գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտարարեց «Տարուան լաւագոյնները» տարեկան մրցումներու արդիւնքները: 2025 տարուան յաղթողները որոշուեցան մարզական հաւատարմագրուած լրագրողներու փակ եւ գաղտնի քուէարկութեան շնորհիւ, որմէ ետք նախարարին հրամանով ձեւաւորուած յատուկ յանձնախումբը յայտարարեց արդիւնքները: Քուէարկութեան հոլովոյթին հետեւեցաւ նախարարի տեղակալ Յասմիկ Աւագեան: Մրցանակներու ամէնէն հեղինակաւորը` տարուան «Երեք լաւագոյն մարզիկներ»-ը ընտրուեցան 2024-ի Ողիմպիական խաղերու մրցանակակիրները, որոնք 2025-ին կրցան գերազանցել իրենց իսկ...

Էտուարտ Սփերձեան Ընտրուեցաւ  Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Էտուարտ Սփերձեան Ընտրուեցաւ Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հայաստանի ազգային խումբի եւ Ռուսիոյ Կրասնոտար ակումբի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան ընտրուեցաւ 2025-ի Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Քուէարկութեան արդիւնքներով, ան 17 ձայն հաւաքեց եւ իր մրցակիցներուն գերազանցելով գրաւեց առաջին դիրքը: 25 տարեկան Սփերձեան ազգային խումբին հետ դարձաւ տարուան առանցքային խաղցողներէն մէկը` նշանակելով 5 կոլ: Կրասնոտարի հետ ալ ան նոյնպէս պատմական յաջողութեան հասաւ` առաջին անգամ ըլլալով շահելով Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Սփերձեանի հիմնական մրցակիցն...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեան Թեկնածու` 2025 Լաւագոյն Մարտիկի Մրցանակին

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեան Թեկնածու` 2025 Լաւագոյն Մարտիկի Մրցանակին

2025-ի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի լաւագոյն մարտիկի կոչման թեկնածուներու ցանկին մէջ ներառուած է հայ մարտիկ Սպարտակ Միքայէլեան: Այս տարի 21 տարեկան Միքայէլեան հասաւ տպաւորիչ արդիւնքի` նուաճելով ոսկի մետալ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աշխարհի ախոյեանութեան, որ դարձած էր Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջինը: Աւելի կանուխ, ան նաեւ դարձած էր երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան` ամրապնդելով իր դիրքը իբրեւ հայկական «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ամէնէն խոստմնալից մարտիկներէն մէկը:...

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ Եւ Մանչեսթըր Սիթի Յաղթեցին. Վիրցի Առաջին Կոլը Օգնեց Լիվըրփուլին

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ Եւ Մանչեսթըր Սիթի Յաղթեցին. Վիրցի Առաջին Կոլը Օգնեց Լիվըրփուլին

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Պրայթընի` շնորհիւ խմբապետ Օտըկաարտի եւ Ճորճինիօ Ռութըրի (սխալմամբ իր բերդին մէջ) կոլերուն եւ պահեց իր 2 կէտի առաւելութիւնը Մանչեսթըր Սիթիի վրայ: Սիթի նոյն արդիւնքով վերադարձաւ Նոթինկհամի «անտառ»-էն, ուր Թիյանի Ռէյնտըրզ եւ Ռայըն Շերքի (83-րդ վայրկեան) նշանակեցին Սիթիի կոլերը: Օմարի Հաչինսըն նշանակած էր Նոթինկհամ Ֆորեսթի հաւասարութեան կոլը: Չելսի...

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն.  Լիլիթ Աքլ 2 Ոսկի Մետալներ Շահեցաւ Եւ Իր Տարիքի Լիբանանի Ախոյեան Դարձաւ

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. Լիլիթ Աքլ 2 Ոսկի Մետալներ Շահեցաւ Եւ Իր Տարիքի Լիբանանի Ախոյեան Դարձաւ

Լիբանանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը կազմակերպեց 2025-ի Լիբանանի 3-րդ ախոյեանութեան մրցումները, որոնք սկսած էին 7 դեկտեմբերին` «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանի «Փիեռ Ժեմայէլ» սրահին մէջ: Գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցումները տեղի ունեցան անցեալ շաբաթավերջին` տարիքային բոլոր կարգերով: 2018-ի ախոյեանութեան մրցումներուն, Լիլիթ Աքլ 2 ոսկի մետալ նուաճեց ազատ պարի եւ պարանով պարի մրցումներուն եւ «2018-Ա. կարգ»-ի Լիբանանի ախոյեան դարձաւ:

Նշմար.  Միշտ Կ՛ուզենք Յաղթել…

Նշմար. Միշտ Կ՛ուզենք Յաղթել…

ԿԱՐՕ Կ. Մարզական աշխարհին մէջ բնականաբար կը սիրենք ակումբներ, ազգային խումբեր, ունինք միութիւններ, կը հետեւինք արդիւնքներուն եւ միշտ կ՛ուզենք յաղթել: Շատ աղուոր բան մըն է յաղթանակը եւ զայն տօնելը: Երբեմն կը մոռնանք նաեւ, որ մեզի պէս այլ համակիրներ ալ կան, որոնք մրցակից խումբերու հետ են եւ իրենք ալ կ՛ուզեն յաղթել: Պասքեթպոլի թէ ֆութպոլի նման խմբային մարզաձեւերու մէջ կան այլ 11...

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւն  Կրեց Իժթիմահիէն (2-4)

Լիբանանի Ֆութպոլի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ժալիլ Քանա

Վաղը ժամը 14:15-ին Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց խումբը պիտի կատարէ տարեշրջանի իր 3-րդ մրցումը` առաջին դիրքը գրաւող Ժալիլ Քանայի դէմ: Առաջին դիրքը գրաւող Ժալիլ Քանա իր երկու մրցումներն ալ յաղթած է (2-1 Ահլի Սայտայի դէմ եւ 3-1 Թաուֆիրի դէմ), մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր առաջին մրցումը յաղթելէ ետք Թաուֆիրին (1-0), անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր Իժթիմահիէն 4-2...

Պասքեթպոլ.  Այսօր 10-րդ Հանգրուանի Բացման Մրցումը` Սաժես – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր 10-րդ Հանգրուանի Բացման Մրցումը` Սաժես – ՀՄԸՄ

Այսօր ժամը 21:45-ին Ղազիրի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի մրցի Սաժեսի դէմ, ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի բացման մրցումին: Իր վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ պարտութիւն կրած էր ախոյեան Ռիատիէն 118-97 արդիւնքով, ուր ՀՄԸՄ աւելի քան 10 վայրկեան խաղցած էր ամբողջական խումբով: Թայլըր Պէյ վերադարձած էր կէս վիրաւոր վիճակով եւ հակառակ 30 վայրկեան խաղալուն 17 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Խալիտ...

Page 70 of 1275 1 … 69 70 71 … 1,275

Արխիւներ