Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ ոչ շատ համոզիչ մրցումէ մը ետք 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Լիվըրփուլ քաղաքի Էվըրթընի դաշտին վրայ:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Վիքթոր Եոքերեշ 27-րդ վայրկեանին` փենալթիով:
Լիվըրփուլ իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց (2-րդը` «Փրեմիեր լիկ»-ի)` 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Լոնտոնէն` Թոթենհամի դէմ մրցումին:
Կարեւոր էր այս յաղթանակը առանց եգիպտացի Մոհամետ Սալահի, որ մեկնեցաւ մասնակցելու Ափրիկեան երկիրներու ախոյեանութեան, բայց դժբախտ եղաւ այս ամրան աղմուկ ստեղծած Ալեքսանտր Իսաքի համար, որ նշանակեց առաջին կոլը, բայց վիրաւորուեցաւ զայն նշանակած պահուն:
Բ. կիսախաղի սկիզբը դաշտ ներկայացած Իսաք 10 վայրկեան խաղցաւ միայն` նշանակելով իր 2-րդ կոլը Լիվըրփուլի շապիկով:
Թոթենհամ 33-րդ վայրկեանէն կը խաղար 10 մարզիկներով, երբ պելճիքացի Զաւի Սիմոնզ կարմիր քարտ մը ստացած էր կոշտ ֆաուլէ ետք:
Իսաքի կոլէն 10 վայրկեան ետք Ուկօ Էքիթիքէ նշանակեց 2-րդ կոլ մը, բայց պրազիլցի Ռիչարլիսոն կրցաւ կոլով մը պատասխանել 83-րդ վայրկեանին:
Կարճ ժամանակով առաջին դիրքը գրաւած էր Մանչեսթըր Սիթի, որ աւելի կանուխ կրցած էր 3-0 արդիւնքով յաղթել Ուեսթ Համին:
Նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ (2) եւ Թիյանի Ռէյնտըրս նշանակեցին Սիթիի 3 կոլերը, վերջինս 2 կէտով ետ կը մնայ Արսենալէն (39 կէտ): Լիվըրփուլ գրաւեց 5-րդ դիրքը` Չելսիի հետ (4-րդ) ունենալով 29 կէտ:
Իտալիոյ գերբաժակի մրցումներուն գծով, կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին Ինթեր Միլան շատ կանուխ կոլ մը նշանակելէ ետք, Մարքուս Թիւրամի միջոցով փենալթիով կոլ մը ստացաւ 35-րդ վայրկեանին` Պոլոնիայի յառաջապահ Օրսոլինիի շնորհիւ:
Ինթեր լաւ խաղցաւ, բայց Պոլոնիայի բերդապահ Ֆետերիքօ Ռավալիա փայլեցաւ անառիկ պահելով իր բերդը: Նոյնիսկ վճռական փենալթիներու պահուն, Ռավալիա 2 փենալթիներ զսպեց, եւ Պոլոնիա դուրս ձգեց Ինթեր Միլանը` հասնելով Նափոլիի դէմ աւարտականին:
Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան Սէուտական Արաբիոյ մէջ:


