Մաթաս Պազելիս 28 կէտ նշանակեց` գլխաւորելով ինը Շիքակոյի մարզիկներ, որոնք 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին, ուր Պուլզ յաղթեց Աթլանթա Հոքսին, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Այս տարեշրջանի ամէնէն շատ կէտեր նշանակուած այս մրցումին (152-150) Պուլզ առաջին կիսախաղին արդէն 83 կէտեր նշանակած էր Աթալնթայի 73-ին դիմաց:
Այսօր գիշեր նոյն խումբերը իրար դէմ պիտի մրցին անգամ մը եւս: 2 նոյեմբեր 1990-ին Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 162-158 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Տենվըր Նակեթցը` «Էն. Պի. Էյ.»-ի` մրցանիշ հաստատելով բնական արդիւնքով (առանց երկարաձգման):
Ճէյլըն Ճոնսըն 36 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր ի նպաստ Աթլանթայի:
Ճէյլըն Պրանսըն այս տարեշրջանի իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց` ձեռք ձգելով 47 կէտ ի նպաստ Նիւ Եորք Նիքսի, որ պարտութեան մատնեց Մայեմի Հիթը` 132-125 արդիւնքով: Քելել Ուեր 28 կէտ եւ 19 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մայեմիի:
Անթոնի Էտուըրտծ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ 103-100 արդիւնքով յաղթեց Միլուոքի Պաքսին` ձեռք ձգելով 9-րդ յաղթանակը իր վերջին 11 մրցումներուն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Սաքրամենթօ Քինկզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 125-124
Մինեսոթա Թիմպըրվուլզ – Միլուոքի Պաքս 103-100
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 113-124
Նիւ Եորք Նիքս – Մայեմի Հիթ 132-125
Պրուքլին Նեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 96-81
Աթլանթա Հոքս – Շիքակօ Պուլզ 150-152


