Այսօր ժամը 20:30-ին, Ռիատիի «Սաէպ Սալամ» դաշտին վրայ, Մանարայի մէջ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի ըլլայ հիւրը ախոյեան Ռիատիին:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը առանց ճնշումի մրցում պիտի կատարեն Ռիատիի դաշտին վրայ, ուր վերջին անգամ ՀՄԸՄ 29 նոյեմբեր 2023-ին կրցած էր 97-98 արդիւնքով յաղթել:
Անշուշտ իրարու հետ բաղդատելը շատ յարմար չէ խումբերուն, հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ միշտ ալ պայքար ցոյց կու տայ աւելի զօրաւոր խումբերու դէմ:
Ռիատի իր 8 մրցումներուն ալ կրցած է յաղթել եւ կը մնայ Լիբանանի ախոյեանութեան միակ անյաղթ խումբը, մինչ ՀՄԸՄ իր 8 մրցումներէն 6-ն յաղթանակներով աւարտելէ ետք վերջին մրցումներուն երկու պարտութիւններ կրեց մանաւանդ ազդուելով Թայլըր Պէյի վիրաւորուելէն: Թայլըր 2 տարուան ընթացքին փաստած էր իր մակարդակը, գրեթէ ամէն մրցումի տապըլ-տապըլ ձեռք ձգելով, բայց իր բացակայութեան մրցակից խումբերը շատ դիւրին կէտեր կրնան նշանակել կողովին տակէն:
Անթուէյն Ուիկինզ վատ խաղցող չ՛երեւիր, բայց մինչեւ վարժուիլը խումբի մարզիկներուն, ով ինչ կրնայ ընել, մանաւանդ դժուար մրցակիցներու դէմ քիչ մը դժուար կը թուի:
Այս հագրուանին Սաժես «սպասելի» պարտութիւն մը կրեց տարեշրջանի ամէնէն երիտասարդ խումբէն` Սանթրալէն, 100-95 արդիւնքով: Արդիւնքը սպասելի չէր մարդոց կողմէ, բայց սպասելի էր այն բանով, որ Սանթրալ շատ գեղեցիկ պասքեթպոլ կը ցուցաբերէ, ուր բոլոր մարզիկներն ալ անխտիր իրենցմէ պահանջուածը կը կատարեն եւ մարզիչ Ժորժ Ժահժահի հետ լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն:
Սանթրալ այժմ Լիբանանի ամէնէն օրինաւոր պասքեթպոլը կը խաղայ, նոյնիսկ աւելի լաւ, քան ախոյեան Ռիատի, բայց ինչպէս նշեցինք, անոնք պէտք ունին յաւելեալ փորձառութեան եւ երբեմն կրնան գործել աններելի սխալներ, որոնք կրնան պարտութեան պատճառ դառնալ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 9-րդ հանգրուանին արձանագրուած արդիւնքները.
Սանթրալ – Սաժես 100-95
Անդրանիկ – Թատամոն Հարաժել 92-79
Մարիսթ – – Պաթրուն 106-84
Հուփս – Էն. Էս. Էյ. 91-80
ԱՅՍՕՐ
Ռիատի – ՀՄԸՄ


