2025-ի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի լաւագոյն մարտիկի կոչման թեկնածուներու ցանկին մէջ ներառուած է հայ մարտիկ Սպարտակ Միքայէլեան:
Այս տարի 21 տարեկան Միքայէլեան հասաւ տպաւորիչ արդիւնքի` նուաճելով ոսկի մետալ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աշխարհի ախոյեանութեան, որ դարձած էր Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջինը:
Աւելի կանուխ, ան նաեւ դարձած էր երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան` ամրապնդելով իր դիրքը իբրեւ հայկական «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ամէնէն խոստմնալից մարտիկներէն մէկը:
Քուէարկութեան կը մասնակցին համակիրներ աշխարհի չորս կողմերէն եւ Միքայէլեանի կողքին թեկնածու են նաեւ Պահրէյնէն Կաճի Կաճիեւ, զուիցերիացի Վենսան Վերլի եւ Պահրէյնէն այլ ներկայացուցիչ Կիմպաթ Մակոմետով:


