1984-ին կազմուած միջազգային ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան ֆետերասիոնը վերջին օրերուն ընտրուած էր տարուան լաւագոյն 11 մարզիկները, ինչպէս նաեւ նշած էր, թէ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (40 տարեկան) հասած էր 1300 մրցումներու սահմանը` դառնալով պատմութեան միակ ֆութպոլիստը, որ կը հասնի այդ թիւին, անշուշտ բարձրագոյն դասակարգերու ֆութպոլին մէջ: Ռոնալտօ իր 1300-րդ մրցումը կատարած էր 27 դեկտեմբերին` Ուխտուտ խումբին դէմ: Ան այդ մրցումներուն ընթացքին նշանակած էր իր 955-րդ եւ 956-րդ կոլերը:
2025-ին «Չեմփիընզ լիկ»-ի շահած Փարիզ Սեն Ժերմեն բնականաբար ունեցած է 6 մարզիկներ` տարուան լաւագոյն 11 անդամնոց հաւաքականին մէջ, ուր իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարումա ամրան փոխած էր ակումբը միանալով Մանչեսթըր Սիթիին:
Փարիզեան պաշտպանողական գիծէն Աշրաֆ Հաքիմի, Ուիլիան Փաչօ եւ Նունօ Մենտեշ եղան 3 պաշտպանները, Պարսելոնայէն Լամին Եամալ եւ Փետրի, ինչպէս նաեւ Վիսինիա (Փարիզ Սեն Ժերմեն)` միջնապահ մարզիկները, իսկ լաւ տարի մը բոլորած յառաջապահներ Քիլիան Էմպափէ (Ռէալ Մատրիտ), Էրլինկ Հաալանտ (Մանչեսթըր Սիթի), Հարի Քէյն (Պայերն Միւնիխ) եւ Ուսման Տեմպելէ (Փարիզ Սեն Ժերմեն) ամբողջացուցած են 11-ը:


