Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող կայծակնային ճատրակի («Պլից չես») աշխարհի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին, հայ մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան անակնկալ պարտութիւն կրեց 12 տարեկան Ֆաուսթինօ Օրոյէն:
ՖԻՏԷ-ի դասաւորման 20-րդ դիրքը գրաւող Արոնեան անակնկալի եկաւ արժանթինցի պատանի վարպետին յաղթանակէն:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանի տղոց խումբը կը ներկայացնեն 8 ներկայացուցիչներ, իսկ աղջկանց խումբը կը մասնակցի 4 ներկայացուցիչներով:


