Տուպայի մէջ տեղի ունեցաւ «Կլոպ Սոքըր» մրցանակներու երեկոն, որուն ընթացքին ընտրուեցան տարուան լաւագոյնները` ֆութպոլի աշխարհին մէջ:
Տարեկան այս մրցանակաբաշխութիւնը ընտրեց լաւագոյն մարզիկ, մարզիչ, յառաջապահ, միջնապահ, երիտասարդ մարզիկ, ազգային խումբ, ակումբ, մարզական տնօրէն, գործակալ եւ լաւագոյն վերադարձ: Լաւագոյն մարզիկի մրցանակ շահեցաւ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ, որուն մրցանակը յանձնեց փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:
«Անսպասելի բան է ստանալ մրցանակ մը մէկ այլ պատմական մարզիկի` Քրիսթիանոյի ձեռքով: Երազ մը եւս իրականացաւ: Ես ֆութպոլի մեծ երկրպագու եմ եւ եկած եմ տօնելու այս անհաւանական տարին, ուր կը նշեն տարուան եւ այժմու ֆութպոլի աստղերը: Ես շատ կը հաւնիմ Քրիսթիանոյի լրջութիւնը: Երբ ան կ՛ըսէ, թէ հազար կոլ պիտի նշանակէ, ան իրապէս կը հաւատայ իր ըսածին», յայտնեց սերպ թենիսմենը:
Ռոնալտօ իր կարգին գովեց Ճոքովիչը: «Նովաք Ճոքովիչը օրինակ է ինծի համար: Անոր մարզական երկարակեցութիւնը օրինակ է, եւ մենք նմանատիպ պատմութիւններ ունինք: Ան արժանի է այս տիտղոսին, քանի որ օրինակ կը ծառայէ թէ՛ այս, թէ՛ ալ յաջորդ սերունդին համար»:
Լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Ուսման Տեմպելէ, լաւագոյն ակումբ` Փարիզ Սեն Ժերմեն, մարզիչ` Լուիս Էնրիքէ, յառաջապահ` Լամին Եամալ, միջնապահ` Վեթինիա, երիտասարդ մարզիկ` Տեզիրէ Տուէ, ազգային խումբ` Փորթուգալ, մարզական տնօրէն` Լուիշ Քամփոշ (Փարիզ Սեն Ժերմեն), լաւագոյն գործակալ` Ժորժէ Մենտեշ, լաւագոյն վերադարձ` Փոլ Փոկպա (Մոնաքօ):


