Տենվըր Նակեթց եւ Մայեմի Հիթ 63 կէտի վրայ հաւասար էին կիսախաղին, բայց սերպ աստղ Նիքոլա Եոքիչ ծունկը վիրաւորած էր կիսախաղին 3 երկվայրկեան առաջ:
Բ. կիսախաղին Մայեմի Հիթ մեծապէս օգտուեցաւ Եոքիչի բացակայութենէն եւ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց: Մինչեւ վիրաւորուիլը Եոքիչ 21 կէտ նշանակած էր` կատարելով 8 էսիսթ: Ճամալ Մարէյ (20 կէտ եւ 11 էսիսթ) առանձին չկրցաւ Նակեթցին օգնել, մինչ Նորմըն Փաուըլ (25 կէտ), Նիքոլա Եովիչ (22 կէտ) եւ Հայմէ Հաքես (20 կէտ եւ 11 էսիսթ) օգնեցին Մայեմիին, որ արձանագրէ իր 18-րդ յաղթանակը, մինչ Տենվըր կրեց իր 10-րդ պարտութիւնը:
Ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 140-129 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլանթա Հոքսը, որ կրեց իր 7-րդ յաջորդական պարտութիւնը:
Օքլահոմա, որ օրեր առաջ 2 յաջորդական պարտութիւններ կրած էր Սան Անթոնիօ Սփըրզէն, ինքզինք գտաւ եւ Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 39 կէտ նշանակեց` խումբը առաջնորդելով 28-րդ յաղթանակին (5 պարտութեան կողքին):
Նիւ Եորք Նիքս 130-125 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դաշտէն, ուր Ճէյլըն Պրանսըն տապըլ-տապըլ իրագործեց (28 կէտ եւ 10 էսիսթ): Զայըն Ուիլիամսոն 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փելիքընզի, որ իր 26-րդ պարտութիւնը կրեց 34 մրցումներու ընթացքին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Չարլոթ Հորնեթց – Միլուոքի Պաքս 113-123
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ֆինիքս Սանզ 101-115
Պրուքլին Նեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 107-120
Մայեմի Հիթ – Տենվըր Նակեթց 147-123
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 107-106
Շիքակօ Պուլզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 101-136
Հիուսթըն Ռոքեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 126-119
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Աթլանթա Հոքս 140-129
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Նիւ Եորք Նիքս 125-130
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 101-113
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տալաս Մեւրիքս 125-122


