Նորվեկիացի մեծ վարպետ Քարլսեն շահեցաւ Տոհայի (Քաթար) մէջ տեղի ունեցած արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
12 հանգրուաններու արդիւնքով Քարլսեն 10,5 կէտ ձեռք ձգեց եւ գլխաւորեց առաջին դիրքը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց ռուս վարպետ Վլատիսլաւ Արտեմեւ (9,5 կէտ)` չնչին առաւելութեամբ հնդիկ Արճուն Էրիկայսիի վրայ, որ գրաւեց 3-րդ դիրքը:
9,5-ական կէտեր ձեռք ձգեցին նաեւ Հանս Նիման եւ Լենիեր Տոմինկես Փերես:
Նշենք, որ ասիկա 35 տարեկան Քարլսենի համար 6-րդ տիտղոսն էր արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան գծով:
247 ճատրակի վարպետներ ներկայացուցին 64 տարբեր երկիրներ: Հայաստանը ներկայացնող լաւագոյն արդիւնքները ցոյց տուին Շանթ Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան: Երկու վարպետներն ալ 8-ական կէտեր հաւաքեցին` գրաւելով 38-րդ եւ 51-րդ (Մարտիրոսեան) դիրքերը:
Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Սամուէլ Սեւեան 9 կէտ ձեռք ձգեց եւ գրաւեց 7-րդ դիրքը, մինչ Լեւոն Արոնեան գրաւեց 47-րդ դիրքը 8 կէտով:


