Ինչպէս ծանօթ է, 13-14 սեպտեմբերին Լիբանանի թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի ազգային խումբը մրցումներ ունի կատարելիք Ուզպեքիստանի դէմ` Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մրցումներուն ծիրին մէջ:
Աւարտական այս մրցումին գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու նպատակով, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը չորեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին կէսօրուան ժամը 12:30-ին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը «Ա.Թէ.Սէ.Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք):
Մրցումները տեղի պիտի ունենան հովանաւորութեամբ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի: