2020-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Եւրօ – 2020) զտումի 5-րդ հանգրուանի Հայաստան-Իտալիա մրցումը երէկ աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 3 – 1 արդիւնքով:
Մրցումին հաշիւը 10-րդ վայրկեանին բացաւ Սոչիի յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան, որմէ ետք Իտալիա պատասխանեց երեք անգամ` շնորհիւ Անտրէա Պելոթթիի (28-րդ եւ 80-րդ) եւ Լորենցօ Փելեկրինիի (78-րդ):
Ա. կիսախաղի կորսուած վայրկեաններուն նոյնինքն Կարպապետեան իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Բ. կիսախաղը ամբողջութեամբ Հայաստան մրցումը շարունակէ տասը մարզիկով:
Պէտք է ըսել, որ Իտալիա աւելի տիրապետեց մրցումին, եթէ նկատի առնենք այն, որ գնդակին վրայ անոր տիրապետութիւնը եղաւ 67 տոկոսով, մինչ Հայաստանի տիրապետութիւնը` 33:
Այլ կէտ մը. իտալացիներուն կատարած փոխանցումներուն քանակը հասաւ 598-ի:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Իտալիա առաւելագոյն 15 կէտով ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, մինչ հայրենի կազմին կէտերը մնացին 6` Ժ. խմբակին մէջ:
Հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեան:
Նախքան մրցումը, վարչապետ Փաշինեան կառավարութեան շէնքին մէջ ընդունեց Զեֆերինը` ներկայութեամբ Վանեցեանի:
Անոնք զրուցեցին եւ միասնաբար քննարկեցին եւրոպական ֆութպոլին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական ֆութպոլի զարգացման հեռանկարները: