Ահտի եւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Մեհտի Խալիլ յառաջիկայ շաբաթ կը սկսի իր փորձերուն: Ա. հանգրուանի փորձերը պիտի ըլլան քիչ մը թեթեւ, անոնք տեղի պիտի ունենան անհատական ձեւով` առանց միանալու իր խմբակիցներուն:
Ան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ 14 սեպտեմբերին Անսարի դէմ տեղի ունենալիք Լիբանանի գերբաժակի ֆութպոլի մրցաշարքի ճակատումին:
Իսկ 24 սեպտեմբերին յորդանանեան Ժազիրա խումբին դէմ (Ասիոյ բաժակի մրցաշարք) անոր մասնակցութիւնը կը մնայ հարցականի տակ: