Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ զտումի մրցաշարքին, իր կատարած առաջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Տապլինի մէջ, կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը դաշտին տիրոջմէն:
Թրոյ Փերըթ նշանակեց մրցումին միակ կոլը` 31-րդ վայրկեանին:
Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ այսօր, երբ կը մրցի Իսլանտայի դէմ:
Նշենք, որ Հայաստանի խմբակին մէջ են նաեւ Իտալիա, Շուէտ եւ Լիւքսամպուրկ: