Յաջորդաբար երկրորդ մրցումը ըլլալով, Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ կարեւոր կէտեր կորսնցուց, երբ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց «ֆոլքսփարքշթատիում»-ի մէջ Համպուրկի հետ:
Համպուրկի համար շատ կարեւոր էր այդ մէկ կէտը, որուն շնորհիւ 13-րդ դիրք բարձրացաւ:
Պայերն շատ աւելի առիթներ ունէր, բայց Համպուրկն մեծ թիւով առիթներ ստեղծեց իր կարգին: Պայերն անբախտ էր երկու անգամ ցնցելով Համպուրկի բերդին ձողը, բայց Համպուրկ ալ արժանի չէր պարտութեան:
Հերի Քէյն 42-րդ վայրկեանին նշանակեց Պայերնի հաւասարութեան կոլը, երբ փորթուգալցի Ֆապիօ Վիէյրա 34-րդ վայրկեանին բացած էր մրցումին հաշիւը: Բ. կիսախաղին Լենարթ Քարլ փոխարինուեցաւ Լուիս Տիասով, որ անմիջապէս նշանակեց 2-1-ի կոլը:
53-րդ վայրկեանին խրուաթ յետսապահ Լուքա Վուսքովիչ նշանակեց Համպուրկի հաւասարութեան կոլը:
Լայփցիկ աւելի եւս ետեւ մնաց եւ 1-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 2-1 արդիւնքով տեղի տուաւ Մայնցի դիմաց:
Նայիմ Ամերի եւ Սիլաս նշանակեցին Մայնցի կոլերը: Վերջինս այժմ կը գրաւէ 16-րդ դիրքը: Մայնց անցեալ շաբաթ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Վոլֆսպուրկը:


