Հայ թենիսմեն Դանիէլ Սարգսեան կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները Քուէյթի մէջ տեղի ունեցող «Այ. Թի. Էֆ. Էմ 15 Զահրա» թենիսի մրցաշարքին, ուր հասաւ քառորդ աւարտական:
19 տարեկան թենիսմենը շատ հանգիստ յաղթանակներ արձանագրեց առաջին երկու մրցումներուն` դուրս ձգելով Ռոքօ Փիսթին (Մոնաքօ) 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով, ապա թուրք Մերթ Նաճի Թիւրքերը` 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով:
Կիսաւարտական հասնելու համար, Սարգսեան պէտք է յաղթէ ֆրանսացի Քոնթանթեն Պիթոն Քուզմինի, որ աշխարհի թիւ 599-րդ թենիսմենն է:
Հետաքրքրականը այն է, որ Սարգսեան զոյգերու մրցումներու ալ կը մասնակցի, իր զոյգն է Փիաթին, եւ կիսաւարտականի մրցակիցը պիտի ըլլայ ֆրանսացի Քոնսթանթեն Պեթուն Քուզմին – Խումոյուն Սուլթանով (Ուզպեքիստան) զոյգը:
Նշենք, որ 2026-ի յունուարէն Սարգսեան միջազգային ասպարէզին մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանը: Թենիսմենը ծնած է Ռուսիա, իսկ այժմ կը բնակի եւ կը մարզուի Սպանիոյ մէջ:


