Սանտըրլենտի 18 տարեկանէն վար երիտասարդներու խումբը Անգլիոյ երիտասարդներու բաժակի մրցաշարքի 1/8-րդ հանգրուան հասաւ փենալթիներով դուրս ձգելէ ետք Ուեսթ Պրոմիչ Ալպիոն խումբը:
Մրցումի 7-րդ վայրկեանին Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի յառաջապահ Ֆինն Կերակուսեան գեղեցիկ հարուածով բացաւ մրցումին հաշիւը` գնդակը ղրկելով բերդապահին աջ կողմի վերի անկիւնը, խաղի բերելէ ետք 2 մրցակիցներ:
25-րդ վայրկեանին Ճէյմս Պարքըր արդիւնքը 2-ի բարձրացուց: Սակայն Բ. կիսախաղին մրցումին պատկերը փոխեցաւ:
Սանտըրլենտի խմբապետ Ֆինլի Հոլքրոֆթ իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալէ ետք վտարուեցաւ փենալթիի պատճառ դառնալով: Ռիօ Փարմար (90-րդ վայրկեան) նշանակեց փենալթին: 98-րդ վայրկեանին Ճասթին Սեւըն-Սեւըն արդիւնքը 2-2-ի վերածեց` պարտադրելով երկարաձգում:
Սանտըրլենտ, որ 10 մարզիկով կը խաղար, դժուար մրցում մը կ՛ունենար, սակայն Կերակուսեան անգամ մը եւս բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց, երբ անոր զօրաւոր հարուածը ետ զսպեց մրցակից բերդապահը եւ հասաւ Թրիցիանօ Ուիլսընի, որ նշանակեց 3-2-ի կոլը (100-րդ վայրկեան):
Սակայն 108-րդ վայրկեանին Կերակուսեանի թաքըլը պատճառ դարձաւ, որ Ուեսթ Պրոմիչ փենալթի մը շահի, իսկ հայ յառաջապահը իր 2-րդ դեղին քարտը ստանալով հեռանայ դաշտէն: Փարմար անգամ մը եւս փենալթիով նշանակեց Ուեսթ Պրոմիչի հաւասարութեան կոլը (3-3):
Վճռական փենալթիներուն դիմուեցաւ եւ Սանտըրլենտ կրցաւ 4-3 արդիւնքով յաղթել ու հասնիլ 1/8-րդ հանգրուան, ուր պիտի մրցի Պրայթընի դէմ:
Պիթոն Քուզմինի, որ աշխարհի թիւ 599-րդ թենիսմենն է:


