Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան արտասահմանի մէջ ձեռքբերումներ արձանագրած լիբանանցի մարզիկներու իր քաջալերման ծիրին մէջ պատուեց տարբեր ֆետերասիոններէ խումբ մը մարզիկներ եւ վարչական պատասխանատուներ:
Մարզիկներ մեծարուեցան հեծելարշաւի, խառն մենամարտերու, մուայ Թայի, թայ-քուանտոյի, ժիւտոյի, սուսերամարտի, ինչպէս նաեւ փետուրով թենիսի ֆետերասիոններէն:
Հեծելարշաւի մարզաձեւին մէջ, նախարարը մեծարեց նաեւ Ահմետ Ղուլը, որ երկու ոսկի մետալներ շահած էր Իրաքի մէջ կայացած անդամալոյծներու հեծելարշաւի միջազգային մրցաշարքին, եւ Թամարա Զէյնը, որ արծաթէ մետալ շահած էր ժամացոյցի դէմ մրցումին` դարձեալ Իրաքի մէջ:


