Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի 24-րդ շաբթուան մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւող Արսենալ 4-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց «Էլընտ Ռոտ»-ի դաշտին վրայ ` Լիծի դէմ մրցումին:
Սուպիմենտի, Տարքլով (սխալմամբ իր բերդին մէջ) Եոքերեշ եւ Կապրիէլ Ժեսուս նշանակեցին առաջին դիրքը գրաւող Լոնտոնի ակումբին 4 կոլերը:
Անցեալ տարուան ախոյեան Լիվըրփուլ 2026-ի իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումներուն` եւ 4-1 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելով Նիւքեսըլի դէմ:
Անթոնի Կորտըն 36-րդ վայրկեանին նշանակեց Նիւքեսըլի եւ մրցումին առաջին կոլը: Ուկօ Էքեթիքէ 2 վայրկեաններու ընթացքին փոխեց ամէն ինչ` նշանակելով 2 կոլ 41-րդ եւ 43-րդ վայրկեաններուն:
Ֆըրիան Վերց եւ Իպրահիմ Քոնաթէ Բ. կիսախաղին 2 կոլ եւս նշանակեցին, եւ Լիվըրփուլ յաղթեց 4-1 արդիւնքով:
Չելսի դժուար մրցում ունէր Ուեսթ Համի դէմ եւ 2 կոլ ստանալէ ետք առաջին կիսախաղին, մրցումի վերջին 33 վայրկեաններուն 3 կոլ նշանակեց Ժոաօ Փետրոյի, Քուքուրելիայի եւ Էնզօ Ֆերնանտեսի շնորհիւ` պահելով 4-րդ դիրքը:


