Երէկ Աւստրալիոյ թենիսի տղոց մրցաշարքի կիսաւարտականին ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան, ուր աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս (Սպանիա) մօտ հինգուկէս ժամ պայքարէ ետք յաղթեց գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւին (թիւ 3)` 6-4, 7-6, 6-7, 6-7 եւ 7-5 արդիւնքով, մինչ սերպ վեթերան թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ մեծ անակնկալ արձանագրեց` դուրս ձգելով թիւ 2 թենիսմեն Եանիք Սինըրը (Իտալիա)` 3-6, 6-3, 4-6, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով, 4 ժամ 12 վայրկեան պայքարէ ետք:
Աղջկանց աւարտականը այսօր տեղի պիտի ունենայ թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքայի եւ թիւ 5 դասուած Էլենա Ռիպաքինայի (թիւ 5) միջեւ:


