Շաբաթավերջին Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ընդհանուր դասաւորման գլխաւոր երեք դիրքերը գրաւող խումբերը տօնեցին յաղթանակ: Ուշագրաւ էր, որ յաղթանակները երեքին ալ պարագային, վիճելի փենալթի հարուածներու շնորհիւ արձանագրուեցան:
Մանչեսթըր Սիթի շնորհիւ Ռահիմ Սթերլինկի նշանակած 100-րդ կոլին նուազագոյն` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Վուլվզի դէմ: Փեփ Կուարտիոլայի կազմը ներկայիս մէկ կէտի առաւելութիւն մը կը վայելէ ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւող Լիվըրփուլին նկատմամբ:
«Կարմիրներ»-ը Էնֆիլտ Ռոտ մարզադաշտին մէջ ընդունեցին Ասթոն Վիլան, որուն գլխաւոր մարզիչը` Սթիվըն Ճերարտը բուռն ծափահարութիւններով դիմաւորուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Ճերարտ 1998-էն 2015 կրած էր Լիվըրփուլի շապիկը: Լիվըրփուլ, շնորհիւ Մոհամետ Սալահի 67-րդ վայրկեանին նշանակած կոլին (փենալթի) կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Վիլայի դէմ: Մրցումին վերջին վայրկեաններուն իրաւարարը կրնար փենալթի մը շնորհել Վիլային, սակայն զլացաւ:
Սթեմֆորտ Պրիճ մարզադաշտին մէջ, Լիծ Եունայթըտ բաւական անբախտ դուրս եկաւ, երբ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Չելսիէն: Ճորճինիօ (երկու փենալթի) եւ Մաունթ նշանակեցին «Կապոյտներ»-ուն կոլերը: Լիվըրփուլ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը, Չելսի` երրորդ:
Արսենալ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաութհեմթընը, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ, Ռոնալտոյի նշանակած փենալթիով` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նորուիչ Սիթին, վերջինիս Քերօ Ռոտ մարզադաշտին մէջ:
Գերմանիոյ մէջ Պայերն Միւնիխ, շնորհիւ Քինկսլի Քոմանի եւ Ճամալ Մուսիալայի կոլերուն, 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մայնցը: Պաւարիական խումբը ներկայիս եօթը կէտերու առաւելութիւն մը կը վայելէ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտին նկատմամբ: Վերջինս 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը գոհացաւ Պոխումի դէմ:
Լայփցիկ իր նոր մարզիչին` Տոմենիքօ Թետեսքոյի «հրամանատարութեան» տակ` 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դէմ:
Իտալիոյ մէջ Եուվենթուս կը շարունակէ ձախորդ ելոյթներու շարքը: «Ծեր պառաւ»-ը շաբաթ օր` 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վենեզիայի համեստ կազմին դէմ: Վերջինս իր նախորդ չորս մրցումներուն պարտութեամբ հեռացած էր դաշտէն: Ալվարօ Մորաթա նշանակեց Մասիմիլիանօ Ալեկրիի խումբին որբ կոլը:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորումը գլխաւորող Ա. Սէ Միլանի կազմը 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը ձեռք բերաւ Ուտինեզիէն: Պեթթօ յառաջ մղեց տանտէրերը, սակայն շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ «աքրոպաթիք ֆինիշինկ»-ով հաւասարութեան կէտ մը խլեց Ուտինեզէէն: Կոլը Իպրահիմովիչի 300-րդն էր եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան հինգ գլխաւոր երկիրներուն մէջ կրած խումբերուն շապիկով:
Սպանիոյ մէջ, Սեւիլիա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլեթիք Պիլպաոն, Թոմաս Տելանի նշանակեց Սեւիլիայի կոլը: Պարսելոնա 2-2 արդիւնքով ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Օսասունայի հետ: Ռէալ Մատրիտ կը շարունակէ գլխաւորել Սպանիոյ ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորումը:
 
			



