Բռնցքամարտի միջազգային ֆետերասիոնը IBA պիտի կոչուի այսուհետեւ: Նախապէս AIBA կը կոչուէր: Սոյն որոշումը ընդունուեցաւ բռնցքամարտի ֆետերասիոնին արտահերթ նիստին ընթացքին, որուն մասնակցեցան 107 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Ֆետերասիոնը նաեւ որոշեց ամէնամեայ դարձնել իր ընդհանուր նիստերը, փտածութեան դէմ պայքարի անկախ մարմին մը ստեղծել եւ 18-ի նուազեցնել գործադիր անդամներուն թիւը: