Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան յայտարարեց, որ «Տարուան տասը լաւագոյն մարզիկներ» մրցումը 21 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ: Մրցումին մէջ ներառուած պիտի ըլլայ «Հանդիսատեսի համակրանք» կարգը, ուր հանդիսատեսը նախարարութեան` www.escs.am պաշտօնական կայքը այցելելով, մրցումին մասնակցող մարզիկներուն ազգանուններուն այբբենական կարգով դասաւորուած անուանացանկին վրայ ազատ պիտի ըլլայ ընտրելու իր նախասիրած մարզիկը: