Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան (89 քկ) դարձաւ աշխարհի առաջնութեան ոսկիէ մետալակիր:
Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ ընթացող աշխարհի առաջնութեան մրցումներուն, 89 քիլոկրամ կարգի մրցումներուն, Կարապետեան պոկումի վարժութեան ժամանակ բարձրացուց 175 քկ եւ նուաճեց ոսկիէ մետալ: Սակայն հրումի վարժութեան ընթացքին վնասուածք ստանալով չկրցաւ շարունակել պայքարը:
Ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները կը շարունակուին Թաշկենտի մէջ: