«Քորոնա» ժահրը սարսափի մատնած է Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ակումբները: Արդարեւ, Թոթենհամ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Պրայթըն, Պրենթֆորտ, Լեսթըր Սիթի, Ասթոն Վիլա եւ Նորուիչ Սիթի առանց անուններ յիշատակելու պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերած են կարգ մը մարզիկներու մօտ:
Այս կացութիւնը Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը մղած է անորոշ թուականով յետաձգելու կարգ մը մրցումներ:
«Փրեմիեր Լիկ»- ի բոլոր ակումբները ներկայիս ամէնօրեայ ստուգումներու կ’ենթարկեն իրենց մարզիկները եւ վարչական պատասխանատուները:
Պաշտօնական տուեալներով «Քորոնա» ժահրի վաթսուն երկու դէպք արձանագրուած է «Փրեմիեր Լիկ»-ի ակումբներուն մէջ: