Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Յակոբ Մկրտչեան գրաւեց աշխարհի ախոյեանութեան 8-րդ դիրքը:
Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ կայացող աշխարհի ախոյեանութեան 96 քկ կարգի պոկում վարժութեան մրցումներուն, Յակոբ Մկրտչեան բարձրացուց 163 քկ: Ինչ կը վերաբերի հրում վարժութեան մրցումներուն, ան բարձրացուց 207 քկ եւ գրաւեց 8-րդ դիրքը:
Այսօր` 15 դեկտեմբերին, տեղի պիտի ունենան 102 քկ ծանրութեան կարգի մրցումները, ուր Սամուէլ Գասպարեանը եւ Արսէն Մարտիրոսեանը պիտի ներկայացնեն Հայաստանը: