Երէկ յետմիջօրէին Տուպայէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արաբական պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Ինչպէս ծանօթ է, Տուպայի մէջ Լիբանան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան` աւարտական մրցումին 72-69 արդիւնքով յաղթելով Թունուզին:
Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ Լիբանանի կազմը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Ախոյեան մարզիկներուն դիմաւորեցին մարզական կարեւոր անձնաւորութիւններ:
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլասը ներկայացուց Մոհամետ Աուայտաթ, ներկայ էին նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէէն անդամներ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամները, մարզական լրագրողներ, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն ընտանեկան պարագաները:
Բոլոր խօսք առնողներն ալ բարձր գնահատեցին արձանագրուած այս փայլուն իրագործումը` խումբին մաղթելով նորանոր նուաճումներ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն ընթացքին: