Ռուսիոյ գեղասահքի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ռուսահայ գեղասահորդուհի Ատելիա Պետրոսեան համաշխարհային կարեւոր նուաճումի մը հասաւ` նկատի ունենալով, որ ան հանդիսացաւ իգական սեռէն առաջինը, որ երկու «Ռիթպերկըր Քուատ Ճամփս» կը կատարէ իր մէկ ներկայացումին ընթացքին:
Նշենք, որ ան ծնած է 2007-ին` Մոսկուայի մէջ: Իսկ անոր հասակը 140 սմ է:


