Ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի յաղթանակով վերջ գտաւ Պերլինի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցած ճատրակի «ՖԻՏԷ.Կրան Փրի»-ի շարքին առաջին մրցաշարքը:
Աւարտական մրցումին Նաքամուրա իր յաղթանակը արձանագրեց Հայաստանի հաւաքականի նախկին յառաջատար, այժմ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Լեւոն Արոնեանի դէմ, թայ պրէյքի երկու մրցումին, 2-0 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ աւարտական առաջին մրցումը աւարտած էր 0-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ «ՖԻՏԷ.Կրան Փրի»-ի շարքը աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցաշարքին մասնակցելու վերջին առիթն է, ուր պայքար կը մղուի ապահովելու համար երկու տոմս:
Իւրաքանչիւր ճատրակ խաղացող կը մասնակցի երեք մրցաշարքերէն երկուքին:


