 Պէյրութի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, Անսարի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Նըժում-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը:
Պէյրութի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, Անսարի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Նըժում-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը:
ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ տարեշրջանի բացման մրցումին Անսարի դաշտին վրայ արձանագրած էր 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը` Նոլիմիցի դէմ, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով:
Մրցակից կազմը մրցումին սկիզբը (2-րդ վայրկեանին) նշանակեց բաւական արագ կոլ մը:
Թէեւ Բ. կիսախաղին, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել, սակայն 69-րդ վայրկեանին Նըժում փենալթիով նշանակեց իր յաղթանակի կոլը, այսպիսով արձանագրելով տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` նկատի ունենալով, որ անիկա բացման մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Տինամօ Պէյրութի դէմ:
Աթլեթիքօ Պէյրութ միակ խումբն ըլլալով ցարդ իր կատարած երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբին մարզիչն է Վաչէ Սարգիսեան:
 
			

