Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումին, Մանչեսթըր Եունայթըտի սպանացի բերդապահ Տաւիտ Տէ Խէա, Պրայթընի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (2-0) կարեւոր ցուցանիշ մը իրագործեց:
Ան կրկնեց ակումբի նախկին բերդապահ, դանիացի Փիթըր Շմայքըլի մրցանիշը` նկատի ունենալով, որ ան «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումներուն, կատարելով իր 128-րդ մրցումը, իր բերդին մէջ կոլ չստացաւ:
Այս մրցանիշը անցեալին իրագործած էր Շմայքըլ` 1991-1999 ժամանակամիջոցին:
Նշենք, որ Եունայթըտի առաջին կոլը նշանակած Քրիսթիանօ Ռոնալտօ այսպիսով իր ակումբին հետ նշանակեց 2022 տարուան իր առաջին կոլը:


